Վարչապետ Փաշինեան դրական նոր տուեալներ ներկայացուց

2019-08-27
Image

2019 թուականի առաջին կիսամեակի տուեալներով նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ.

– Մշակող արդիւնաբերութիւնը աճած է 8,7 տոկոսով:

– Կացութեան եւ հանրային սնունդի կազմակերպման ոլորտը աճած է 33,8%-ով:

– Օդային փոխադրամիջոցով ուղեւորափոխադրումները աճած են 28,2%-ով:

– Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած  է 8,9% ով:


Այս տարուան Յունուար-Յուլիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը կազմած է 6,8 տոկոս: Յուլիսին այս տարուան Յունիսի համեմատ տնտեսական աշխոյժութիւնը աճած է 12,8 տոկոսով, կը տեղեկացնէ Վիճակագրական կոմիտէն:


Յունուար-Յուլիսին արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 8,4, շինարարութեան ծաւալը՝ 4,5, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 8,9, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 15,2 տոկոսով:

Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը նոյն ժամանակահատուածին աճած է 5,9 տոկոսով:
Վերոնշեալ ժամանակահատուածին արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 2,3 տոկոսով: Այդ շարքին՝ 3,0 տոկոսով աճած են արտահանման, 1,9 տոկոսով՝ ներմուծման ծաւալները: