Վարչապետ Փաշինեան այցելեց ծանր վիճակի մէջ գտնուող 13-ամեայ պարմանուհիին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է:
«Այսօր այցելեցի Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք գտնուող, 13-ամեայ գիւմրեցի Նազելի Խաչատրեանին։
Շատերս կը ցաւինք այս աղջնակի եւ անոր սպանուած մայրիկի համար, բայց եկէք ի վերջոյ խոստովանինք, որ այս աղջնակն ու անոր մայրը զոհ են նաեւ այն մտայնութեան, թէ բռնութիւնն ընդհանրապէս եւ կանանց նկատմամբ բռնութիւնը՝ մասնաւորապէս, կրնայ ունենալ որեւէ արդարացում»,-նշած է ան: