Վարչապետ Փաշինեան Ամուլսարի  խնդրով    խորհրդակցութիւն ունեցած է

2019-08-21
Image

 «Պաշտօնական»,- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդակցութիւն  ունեցած է Ամուլսարի հարցով: ՀՀ վարչապետը այս մասին գրառում կատարած է  դիմատետրի   իր էջով:

 

«Քիչ առաջ խորհրդակցութիւն  ունեցայ «Ամուլսարի» հարցով: «Լիդիանի» ներկայացուցիչը նոյնպէս կը մասնակցէր:

 Զիս կը հետաքրքրէին նախագծուած գործընթացի հնարաւոր փուլերը՝ շօշափելիօրէն, հնարաւոր ռիսքերու հնարաւոր կառավարման մեդոտները եւ  կառավարութեան ունեցած լծակները:

Կը շարունակենք աշխատիլ այս խիստ կարեւոր թեմայի վրայ»,- գրած է վարչապետը: