Վարչապետ Փաշինեանի այցելութիւնը ՝ Գիւմրի

2019-08-26
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 օգոստոսին իր կնոջ` Աննա Յակոբեանին եւ դուստրերուն հետ այցելած է Գիւմրի եւ մասնակցած Գիւմրիի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Այս տարի Գիւմրիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան «Վարպետներու քաղաք Գիւմրի» խորագիրով:


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը սկսած է հիմնանորոգուած Շիրազի փողոցէն, որուն բացումը հանդիսաւորութեամբ կատարուած է: Փողոցի մուտքը երիզող կարմիր ժապաւէնը կտրած են մեծանուն հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի թոռները:

Կառավարության ղեկավարը շրջած է Գիւմրիի փողոցներով, ողջունած դուրսը հաւաքուած գիւմրեցիները, շնորհաւորած անոնց քաղաքի օրուան առթիւ եւ բարեմաղթանքներ յղած։

 

Շիրազի փողոցին մէջ կատարած շրջապտոյտի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է Գիւմրիի գեղագիտական կեդրոնի սաներու ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Արհեստներու ու արուեստներու փառատօնի շրջագիծին մէջ ներկայացուած 21 տաղավարներուն: Վարչապետը իր ընտանիքին հետ այցելած է նաեւ Ս. Նշան եկեղեցի, ապա դիտած եկեղեցւոյ մօտ «Անի» պարային համոյթի շուրջպարը։ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Աննա Յակոբեանը միացած են շուրջպարին եւ պարած հայկական աւանդական երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ։

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան ներկայ գտնուած է «Խօսում են Գիւմրիի մեծերը» խորագիրով տօնական ձեռնարկներուն, դիտած է բացօթեայ թատերական ներկայացումները` Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանին մէջ` «Դիմաւորում է Ֆրունզը», Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ` «Հիւր վարպետին» եւ Յովհաննէս Շիրազի թանգարանին մէջ` «Հրաւիրում է Յովհաննէս Շիրազը» խորագիրներով:

Վարչապետը իր ընտանիքին հետ այցելած է Ձիթողցոնց տուն-թանգարան` Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան, ապա` քանդակագործ Սերկէյ Մերկուրովի տուն-թանգարան:

Երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Գիւմրիի օր-2019» տօնական համերգին, որուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Գիւմրին այս տարի պիտի ըլլայ անկախութեան տօնակատարութիւններու կեդրոնը` ըսելով. «Այս տարի Գիւմրին պիտի ըլլայ  Հայաստանի Անկախութեան օրուան` 21 սեպտեմբերի տօնակատարութիւններու կեդրոնը, այսինքն` 21 սեպտեմբերի գլխաւոր տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան Գիւմրի քաղաքին մէջ: Այսպիսով, մենք նոր աւանդութեան սկիզբ կը դնենք. այսպէս ամէն տարի մենք 21 սեպտեմբերը` Անկախութեան օրը, մարզէ մարզ պիտի տեղափոխուինք, եւ ատիկա պիտի սկսինք Գիւմրիէն»: