Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին Գամիշլիի մէջ հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու համար

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ռուսական «Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ չէ նշած կազի այն գինը, որու շուրջ այսօր կ'ընթանան հայ-ռուսական բանակցութիւնները։ Ան շեշտած է, որ այս հարցով բանակցութիւնները ունին դաշնակցային բնոյթ, քանի որ կը բանակցին դաշնակիցներ, Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկու երկիրներ։
«Եկէք, ես չխօսիմ թիւերու մասին, կարեւորը բովանդակութիւնն է, ոչ թէ թիւերը», - ըսած է Փաշինեանը՝ համոզմունք յայտնելով, որ այդ հարցը կը լուծուի։
Դիտարկման, թէ ԵԱՏՄ-ի մէջ կայ դիտորդի հիմանրկ, առաջին դիտորդ երկիրը Մոլտովան է, իսկ եթէ Ատրպէյճանը ըսէ, որ ինք կ'ուզէ դիտորդ դառնալ, ինչպիսի՞ն կ'ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումը, Փաշինեանը այսպէս արձագանգած է. - «Թող ըսէ, յետոյ կը տեսնենք»։ Հարցին, թէ «այսինքն՝ սկիզբէն ոչ պիտի չըսէք», ՀՀ վարչապետը պատասխանած է. «Երբ կ'ըսի, այն ժամանակ ալ կը քննարկենք։ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները գաղտնիք չեն, այնպէս որ այս պահի դրութեամբ ես ընդհանրապէս չեմ ուզեր այդ քննարկել»։
Ատրպէյճանին Ռուսաստանի եւ Պելառուսիայի կողմէն զէնք վաճառելու հարցի մասին Փաշինեանը ըսած է՝ սա ՀԱՊԿ-ի խնդիրն է։
Հայաստանի մէջ կենսաբանական տարրալուծարաններու մասին հարցի վերաբերեալ խօսելով՝ ան նկատած է, թէ հայկական եւ ռուսական կողմերը այսօր կ'աշխատին յուշագրի շուրջ։ Փաշինեանը աւելցուցած է, որ այդ տարրալուծարանները սպառնալիք չեն պարունակեր Ռուսաստանի համար, քանի որ չունին ռազմական նշանակութիւն։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ ամերիկեան նիւթական օգնութեան շնորհիւ ստեղծուած այդ տարրալուծարանները ուղղուած են Հայաստանի կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման։
«Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ Սուրիոյ հիւսիսը՝ Գամիշլի քաղաքին մէջ, հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ապագային եւս անոնց անվտանգութիւնը պահպանելու մասին պայմանաւորուածութեան համար։
«Քոմերսանթ»-ի լրագրողը յիշատակած է նաեւ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հարցազրոյցը բրիտանական BBC-ի Hard talk հաղորդաշարին՝ նշելով, որ խօսակցութիւնը այն մասին էր, թէ որ ճանապարհը ընտրած է Հայաստանը՝ Եւրոպա՞ն՝ իր արժէքներով եւ սկզբունքներով, թէ՞ Փութինի ԵԱՏՄ-ն։ Փաշինեանը ընդգծած է, որ Հայաստանը նման ընտրութեան առաջ կանգնած չէ, քանի որ ԵԱՏՄ անդամ է, ունի համաձայնագիր Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին։ Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանը դէմ չէ Հայաստանի համագործակցութեան Եւրոմիութեան հետ, եւ ԵՄ-ն ալ դէմ չէ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան ։
Հարցազրոյցէն յայտնի դարձած է, որ եկող տարուան առաջին կէսին Փաշինեանը պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ռուսաստան, իսկ Փութինը՝ երկրորդ կէսին Հայաստան։