Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ հետ նոյեմբեր 11-12-ին աշխատանքային այցով պիտի ըլլայ Ֆրանսա

2019-11-11
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ նոյեմբեր 11-12-ին աշխատանքային այց պիտի կատարէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր համաժողովին։

Ինչպէս կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, այցի առաջին օրը Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահի անունէն ի պատիւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու տրուող պաշտօնական ընդունելութեան։

12 Նոյեմբերին ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի բացման եւ միջոցառման շրջածիրէն ներս նախատեսուող թեմատիկ քննարկման, որու ընթացքին հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ Կը նախատեսուի վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի գրադարանին խորհրդանշական նուէրի յանձնում։

Փարիզ այցի շրջածիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գրասենեակ եւ հանդիպում պիտի ունենայ ՖՄԿ Գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոյի հետ։

Կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի եւ անոր տիկնոջ այցը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայան, եւ անոնց մասնակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր համաժողովի աշխատանքներուն, ուր վարչապետ Փաշինեանը հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ ՀՀ վարչապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր քարտուղար Օտրի Ազուլէի հետ եւ հարցազրոյց պիտի տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամուլի ծառայութեան։

Այցի շրջանակէն ներս ՀՀ վարչապետը եւ անոր տիկինը հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի պիտի տրուի պաշտօնական ընդունելութիւն,  որու շրջագիծէն ներս կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի ելոյթը։