Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդը Անկախութեան օրուան առիթով

2020-09-02
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդը Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով: Այս մասին Փաշինեանը գրած է «Ֆէյսպուքի» իր էջին:

«1991 թուականի այս օրը Արցախը հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութենէն։ Կը շնորհաւորենք պատմական այս օրուան առիթով՝ Ազատ Արցախ»,- նշած է ՀՀ վարչապետը։

Արցախի Հանրապետութիւնը 29 տարեկան է:  2 Սեպտեմբեր 1991-ին ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ) նախկին ԼՂԻՄ եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններն մէջ: Այդպիսով, իրականացաւ իրաւունք մը, որ արտացոլուած էր այն ժամանակ գործող օրէնսդրութեան մէջ, մասնաւորապէս 3 ապրիլի 1990-ին ընդունուած օրէնքով, որ կը նախատեսէր ազգային ինքնավարութիւններուն իրաւունք տրամադրել ինքնուրոյն կերպով որոշելու սեփական պետաիրաւական կարգավիճակը՝ ԽՍՀՄ կազմէն միութենական հանրապետութեան դուրս գալու պարագային: 10 դեկտեմբեր 1991-ին՝ Խորհրդային Միութեան պաշտօնական անկումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որուն ընթացքին ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 99,89 տոկոսը, արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանէն լրիւ անկախանալու օգտին: Անոր հետեւած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարան, որն ալ կազմեց առաջին կառավարութիւնը: