Վարչապետն ու «Սասնայ ծռերը» հանդիպած են

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան ղեկավար անդամ Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Գարեգին Չուգասզեանի հետ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը։
Խօսնակի խօսքով՝ երկուստեք հետաքրքրութեան հարցեր քննարկուած են։ Հարցին՝ ո՞ր կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է հանդիպումը, Վլատիմիր Կարապետեանը նշած է, որ չի կրնար ըսել։
Հանդիպումէն ետք Սէֆիլեանը Factor.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ մտահոգութիւններ ունէին երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հետ կապուած, ինչի շուրջ ալ խօսած են վարչապետի հետ։
«Կը տեսնենք, որ նախկին ուժերը վրէժի կը պատրաստուին, մենք այդ մէկը թոյլ չենք տար։ Նաեւ հին ռեժիմէն ժառանգած կնճռոտ հարցերու մասին խօսած ենք: Կը կարծեմ՝ կը շարունակենք խօսիլ»,–ըսած է ան։
Նշենք, որ Փաշինեանի հանդիպումը Սէֆիլեանի հետ եղած է Հայաստան–Իտալիա խաղի մեկնարկէն առաջ։ Հանդիպումէն ետք Փաշինեանը գացած է «Հանրապետական» մարզադաշտ` ֆութպոլային հանդիպում դիտելու։