Վարչապետի Մամլոյ Խօսնակը արձագանգեց Գագիկ Ծառուկեանի ելոյթին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը ֆեյսպուքեան գրառմամբ անդրադարձած է ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ելոյթին։
«Կը կարծեմ պարոն Ծառուկեանը պարզապէս մտահոգուած է շարք մը քրէական գործերու ընթացքով, որոնք կը վերաբերին փողերու լուացման, ընտրակաշառք բաժնելուն, հարկերէն խուսափելուն, քորուփցիային: Եթէ պարոն Ծառուկեանը կը կարծէ, որ իր քաղաքական յայտարարութիւնները կը շեղեն քննութեան բնականոն ընթացքը, սխալ հաշուարկ է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ բոլորը հաւասար են օրէնքի առաջ, նաեւ՝ ապօրինի ձեռքբերուած գոյքը բռնագանձելու մասին օրէնքի առաջ, որով մտահոգուելու առիթ նոյնպէս պարոն Ծառուկեանը կրնայ ունենալ»,– գրած է ան: