Վարչապետին կոչը. նուիրատւութիւնները կատարել Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին

2020-07-20
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․

«Սիրելի հայրենակիցներ, քանի որ այս օրերուն բազմաթիւ նամակներ կը ստանանք, զանգեր, որոնց հեղինակ մեր հայրենակիցները կը հետաքրքրուին, թէ ինչպէս կրնան մեր բանակին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, կը տեղեկացնեմ, որ նման ցանկութիւն ունեցող մեր հայրենակիցները իրենց նուիրատւութիւնները կրնան փոխանցել Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին: Նուիրատւութիւնները կարելի է կատարել առցանց եղանակով՝ ստորեւ յղուած կայքի միջոցով:

Կը խնդրեմ նաեւ ձեռնպահ մնալ բանակի համար որեւէ գոյք ձեռքբերելու նախաձեռնութենէ: Այդ գոյքին համար ծախսուելիք գումարը պարզապէս փոխանցեցէք Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին, որուն գործունէութիւնը լիարժէք թափանցիկ է, եւ կը գտնուի օրէնքով նախատեսուած վերահսկողութեան ներքոյ:

Կանխաւ շնորհակալութիւն»: