Վարչապետը նոր մամլոյ քարտուղար ունի՝ Մանէ Գէորգեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար նշանակուած է Մանէ Գէորգեանը։
Մանէ Գէորգեանը մինչ այդ կ'աշխատէր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռութեան հետ՝ որպէս միջազգային լրատուամիջոցներու հետ կապերու համակարգող:
Աւելի վաղ Մանէ Գէորգեանը ՍիւիլՆեթի յանձնարարութիւններու գծով խմբագիրն էր:
Մանէ Գէորգեանն աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը։ Ուսանած է նաեւ Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըրի դիւանագիտութեան եւ իրաւունքի դպրոցէն ներս։
Վարչապետի նախորդ մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը պաշտօնէն ազատուած էր այս տարուան 9 յունուարին։