Վարչապետը ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ հագուստի նոր արտադրամասերու բացման

2019-11-02
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է հագուստի արտադրութեան նոր գործարաններու բացման արարողութեան: Մէկ մասնաշէնքին մէջ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն «Ալեքս թեքսթիլ», «Սարթեքս» «Ասա Գարմենթ» ապրանքանիշերու կարի գործարանները:

Վարչապետը շրջայց կատարած է արտադրամասեր՝ ծանօթացած է արտադրական գործունէութեանն ու տեսականիին: Գործադիրի ղեկավարը ողջունած է թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ նշած, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու շրջածիրէն ներս աջակցելու  ոլորտի զարգացմանն ու առաջընթացին:

Վարչապետի աշխատակազմը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ, կարի արտադրամասերուն մէջ ներկայիս ստեղծուած է 1000 նոր աշխատատեղ, սակայն յառաջիկային այդ թիւը կը նախատեսուի հասցնել 3 հազարի: Գործարաններուն մէջ պիտի արտադրուին բաճկոններ, կաշի կտոր, գործուած հագուստ: