Վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցեց 27 Հոկտեմբերի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին

2019-10-28
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յարգանքի տուրք մատուցեց 27 հոկտեմբերի 1999-ին տեղի ունեցած  ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:

ՀՀ վարչապետը ծաղիկներ խոնարհեց ՀՀ Ազգային ժողովի բակին մէջ 27 հոկտեմբերի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին: Այնտեղ էին նաեւ ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը, պատգամաւորներ, ոճրագործութեան զոհերու հարազատները, խորհրդարանի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Տեմիրճեանի այրի՝ Ռիմա Տեմիրճեանին խոստացաւ, որ 27 հոկտեմբեր 1999-ի ահաբեկչութեան զոհ դարձած Կարէն Տեմիրճեանի արձանը պիտի տեղադրուի 2020 թուականին։ 

Ան խոստացաւ, որ եւս մէկ անգամ պիտի խնդրէ արագցնել աշխատանքները։