Վարչապետը յայտնեց պաշտպանիչ դիմակներու արտադրութեան մասին

2020-05-04
Image

«Տաւուշ թեքսթիլը» սկսած է բարձրորակ պաշտպանիչ դիմակներու զանգուածային արտադրութիւնը։ Առաջիկայ օրերուն պիտի արտադրուի օրը 150 հազար հատ, շաբթուան վերջը՝ օրը 300 հազար հատ։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու կից տեսանիւթ հրապարակած։