Վարչապետը կը մեկնի Մոսկուա. Ան ներկայ պիտի ըլլայ «Յաղթանակի զօրահանդէս»ին

2020-06-09
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի Մոսկուա` 24 յունիսին ներկայ գտնուելու Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը։ 

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան համավարակով պայմանաւորուած՝ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը 9 մայիսին չկայացաւ` տեղափոխուելով 24 յունիս։

Յաղթանակի շքերթին  Հայաստանէն պիտի մասնակցի 1 շարասիւն, որ բաղկացած պիտի ըլլայ 75 հոգիէ: Անոնք պիտի ծածանեն Թամանեան ջոկատի մարտական եւ ՀՀ դրօշները:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 1 յունիսին շնորհաւորած էր ՀՀ վարչապետի ծննդեան տարեդարձն ու հրաւիրած մասնակցելու շքերթին։