Վարչապետը իր էջին Թրամբի հետ առնուած լուսանկար հրապարակած է

2019-09-26
Image

Նիւ Եորք գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ֆէսյպուքեան էջին լուսանկար հրապարակած է՝ Աննա Յակոբեանի, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ անոր տիկնոջ՝ Մելանիա Թրամբի հետ։

«Լուսանկարուեցինք ԱՄՆ նախագահի եւ Առաջին տիկնոջ հետ»,– գրառում կատարած է վարչապետը: 

Կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը եւս հրապարակած է այս լուսանկարը եւ տեղեկացուցած, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած են ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կողմէ ի պատիւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն տրուած ընդունելութեան: