Վայելեցէք անուշահամ միրգերը, հայկական գինին. ՀՀ վարչապետի խորհուրդը WCIT-ի հիւրերուն

2019-10-07
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տեղեկատուական ճարտարագիտութեան համաշխարհային համաժողովի (WCIT-2019) հիւրերուն խորհուրդ տուաւ անպայման վայելել հայկական գինին, քոնեակը, բերքն ու բարիքը:

«Յարգելի հիւրեր, ճարտարագիտութիւնը ճարտարագիտութիւն, բայց խնդրեմ բաց չթողէք հայկական արեւահամ միրգերը, անմոռանալի խորտիկները, դրախտային գինիներն ու քոնեակը վայելելու բացառիկ հնարաւորութիւնը: Եւ, ի հարկէ, վայելել հայկական աշունը, որ տաք ու հիւրընկալ է, ինչպէս միշտ: Յոյս ունիմ, որ ԱՏՁՄ-ն Հայաստանը վայելելու ժամանակ թողած է մեր բոլոր հիւրերուն համար»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

ՏՏ համաշխարհային համաժողովը հիմնադրած է Տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ու ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքը։ Համաժողովը կը կազմակերպէ Առաջատար ճարտարագիտական ձեռնարկութիւններու միութիւնը (ԱՃՄՁ)։ Այս տարի «WCIT» ՏՏ համաշխարհային համաժողովի թեման է՝ «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»։ Հոկտեմբեր 6-9-ն կայանալիք համաժողովի ընթացքին հանգամանօրէ պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան ճարտարագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ'ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ։ Երեւանեան համաժողովին  կը սպասուի աւելի քան 2500 մասնակից՝ 70 երկրէ։ Համաժողովը կը հիւրընկալուի Հայաստանի մէջ՝ ՀՀ կառավարութեան բարձր հովանիի  ներքոյ եւ աջակցութեամբ։