Ստիպուած ենք 10 օրով երկարաձգել խստացուած սահմանափակումները. Փաշինեան

2020-03-31
Image

Ստիպուած ենք առնուազն 10 օրով երկարացնել խստացուած սահմանափակումները: Այս մասին Facebook-ի իր էջին ուղիղ եթերի ժամանակ յհայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Եթէ յստակ միջոցառումներ չձեռնարկենք, «Քորոնա» ժահրը մեզի կը հասնի շատ արագ, հակառակ որ կայ նաեւ այդպիսի վարկած, որ «Քորոնա» ժահրով շատ շատերս պիտի վարակուինք, եթէ ոչ բոլորս:

Հիմա առնուազն երկու հարց ունինք լուծելու, նախ որ գործընթացը ըլլայ առաւելագոյն կառավարելի եւ այնպէս չըլլայ, որ հիւանդներու թիւը մեր մօտ այնքան շատնայ, առաւելեւս լուրջ բուժօգնութեան կարիք ունեցող հիւանդներու թիւն այնքան շատնայ, որ մեր առողջապահական համակարգը ուղղակի կաթուածահար ըլլայ եւ մենք այլ երկիրներու պէս ստիպուած ըլլանք փողոցներուն մէջ ծառերու տակ մահճակալներ տեղադրել»,-ըսած է Փաշինեանը՝ կոչ ընելով լուրջ վերաբերիլ ստեղծուած իրավիճակին: