Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած են Բակօ Սահակեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը

1 Դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն, անոնց ազատ եւ թափանցիկ կազմակերպման վերաբերող հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետն ու Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եղած են դիրքեր, հանդիպած են զինծառայողներուն, ծանօթացած պայմաններուն: