Ստացանք 500 թթուածնային խտացուցիչներ, կը քննարկուի սարքերը տնային օգտագործման տալու հնարաւորութիւնը. Նիկոլ Փաշինեան

2020-06-22
Image

«Քորոնա»ի դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ Երեւան հասած են  յատուկ սարքեր։ Այդ մասին գրառում կատարած է Վարչապետ Փաշինեանը։

 Վարչապետը  մասնաւորապէս գրած է.

«Այսօր Չինաստանէն ժամանած մեր բեռնատար օդանաւով ստացանք 500 թթուածնային խտացուցիչներ, որոնք պիտի բաշխուին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած եւ կասկածելի դէպքերով զբաղող բուժհաստատութիւններուն, որ թոյլ կու տայ էականօրէն բարելաւել թթածնակախեալ հիւանդներու բուժօգնութիւնը, անոնց հիւանդանոց տեղափոխումը իրականացնել աւելի արագ եւ նաեւ կանխարգիլել այդպիսի հիւանդներու առողջական վիճակի բարդացումը: Սարքերու բաշխումը արդէն իսկ սկսած է օդակայանէն:

Մօտ օրերուն պիտի մատակարարուի եւս 130 նման սարք, որ փաստացի թոյլ կու տայ բաւարարել մեր երկրի այս պահի ամբողջական պահանջարկը: Կը քննարկուի նաեւ նման սարքերը տնային օգտագործման տալու հնարաւորութիւնը:

Սարքերը ձեռք բերուած են ՀՀ պետական պիւտճէի միջոցներով»։