Սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանի մոլորուելու վերաբերեալ պիտի իրականացուի ծառայողական քննութիւն. ՊՆ խօսնակ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կ'առաջարկենք աւելորդ ջանքեր չգործադրել իրականութիւնը խեղաթիւրելու համար: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջում գրած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
«Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կ'առաջարկենք աւելորդ ջանքեր չգործադրել իրականութիւնը խեղաթիւրելու համար: Կարճ ժամանակ անց եղելութիւնը կը պարզուի:
Տեղեկացնենք, որ պիտի իրականացուի ծառայողական քննութիւն: Ըստ մեր տուեալներուն` սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանը մոլորած է»,- գրած է ան։