Սուրիոյ մէջ հայ ականազերծողները 112 հազար քառ. մեթր տարածք մաքրած են

Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական խումբը հանդիպած է Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ականային գործողութիւններու կեդրոնի ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը յայտնեն «Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կդտրոն» ՊՈԱԿ-էն։
«Հայ մասնագէտները ներկայացուցած են իրենց կողմէ կատարուած աշխատանքները: Ականազերծողները 112 հազար քառակուսի մեթր տարածք մաքրած են, որմէ 90 հազար քառակուսի մեթրը կը պատկանի 2 մաքրուած ականադաշտի: Հաւաստագրերն ու քարտէզները պաշտօնապէս յանձնուած են Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն: Այժմ ականազերծողներն աշխատանքներ կ'իրականացնեն 3-րդ ականադաշտին մէջ: Բացի այդ, հայ բժիշկները բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցեն 5 հիւանդանոցներու մէջ: Հայ մասնագէտները կը ծրագրեն պայթուցիկ զինամթերքի վտանգի իրազեկման սեմինարներ եւ առաջին բուժօգնութեան դասընթացներ իրականացնել Հալէպի բնակչութեան համար»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: