Սուրէն Պապիկեանի «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը բացասական է. ինքնազգացողութիւնը լաւ է

2020-05-14
Image

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը բացասական է: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է նախարարի մամուլի խօսնակ Արմինէ Մուրատեանը:

«13 Մայիսին քննութիւնը եղած է, արդիւնքները բացասական են: Նախարարի ինքնազգացողութիւնը լաւ է, ուղղակի ինքնամեկուսացուած են ե՛ւ նախարարը, ե՛ւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ, քանի որ շփում ունեցած են վարակակիրներու հետ»,- ըսած է Մուրատեանը:

Մամուլի խօսնակը յստակ թիւ չէ նշած, թէ նախարարութեան քանի աշխատակից ինքնամեկուսացուած է: