Սերկէյ Լաւրով այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

2019-11-11
Image

Հայաստան պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ լաւրով ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Լաւրով ծաղկեպսակ դրած է եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա ջրած Յիշողութեան պուրակին մէջ 12 տարի առաջ իր տնկած եղեւնին: