Սահմանապահ գիւղերուն մէջ իւրաքանչիւր նոր ծնած երեխային պիտի տրամադրուի 1000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամ

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը ֆէյսպուքեան իր էջին յայտարարութիւն տարածած է, ուր ըսած է.
«Շատ լաւ լուր սահմանապահ (Ատրպէյճանի հետ անմիջական սահմանակից) գիւղերու բնակիչներու համար
Այսօր տեւական բանակցութիւններէ ետք տեղի եւ սփիւռքեան խոշոր ձեռնարկատէրերու հետ ձեռք բերինք պայմանաւորուածութիւն Ատրպէյճանի հետ անմիջական սահմանակից հայկական բոլոր բնակավայրերուն մէջ ծնելիութիւնը խթանելուն ուղղուած խոշոր ծրագիր սկսելու մտադրութեան մասին:
Եւ այսպէս…
Ծրագիրը կը նախատեսէ վերջին երեք տարուան սահմանապահ (Ատրպէյճանի հետ անմիջական սահման ունեցող) գիւղի գրանցում ունեցող եւ բնակող ծնողներէ ծնած իւրաքանչիւր նոր ծնած երեխային միանուագ 1000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամ եւ մինչև երեխայի երեք տարին լրանալը ամիսը 100 հազար դրամի տրամադրում:
Ծրագիրը պիտի ներառէ Տաւուշի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզերու Ատրպէյճանի հետ անմիջական սահման ունեցող բնակավայրերը:
Վաղուընէ պիտի սկսինք ուսումնասիրել վիճակագրութիւնը, առկայ դրութիւնը եւ միտումները:
Ծրագրի մեկնարկը պիտի տրուի 2020թ. գարնան:
Կը հաւատանք, որ այսպիսի մեծ ծրագրի ներդրմամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ էապէս փոխել սահմանապահ բնակավայրերու ժողովրդագրական պատկերը:
Սահմանապահ խոշորացուած համայնքներու համար նախատեսուած մէկ այլ մեծ ծրագրի մասին՝ յաջորդիւ»: