Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի կայանայ 5 Ապրիլին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրած է հրամանագիր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ նշանակելու մասին:
Հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ինչպէս նաեւ «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 2020 Փետրուար 6-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» ԱԺՈ-001-Ն որոշումը.
1. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2020 Ապրիլ 5-ին:
2. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն»։