Ռուսական «Կազեթա»-ն անդրադարձած է Հայաստանի «տնտեսական հրաշքին»

2020-02-12
Image

Յետյեղափոխական Հայաստանի յաջողութիւններու մասին ռուսական մամուլը, մեղմ ըսած, յաճախ չի գրեր։ «Կազեթա.ռու»-ն այդ աւանդոյթը խախտած է։ «Տնտեսական հրաշք՝ ինչպէս Հայաստանը առաջ անցաւ Ռուսաստանէն» վերնագրով ռուսական թերթը յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ կ'ամփոփէ ԵԱՏՄ անդամներու տնտեսութիւններու գրանցած արդիւնքները։

ԵԱՏՄ հնգեակի բոլոր երկիրները պաշտօնական տուեալներու համաձայն դրական արդիւնքներ գրանցած են, սակայն Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի տարբերութիւնը ցնցող է, կը գրէ յօդուածի հեղինակը։ ԵԱՏՄ երկիրներու շարքին ամենաբարձր աճը գրանցած է Հայաստանը, թերթը նշած է, որ 2019 թուականի առաջին 9 ամիսներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 7,5 տոկոսով, համեմատելու համար` նոյն ժամանակահատուածին Ռուսաստանի տնտեսութիւնը աճած է 1,3 տոկոս:

Ամբողջ տարուան կանխատեսումը, որ նախանշած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը, պիտի կազմէ 7,9 տոկոս: Սա ամենաբարձր արդիւնքն է ոչ միայն եւրասիական երկիրներու շրջագիծէն ներս: Հայաստանը կրնայ լաւագոյնը ըլլալ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ, ետին թողելով Վրաստանը, Թուրքիան, Պուլկարիան, Ռումինիան, Մոլտովան, Ուքրանիան եւ այլ երկիրներ:

Քորուփցիայի դէմ պայքարը, պիզնեսի համար հասկնալի խաղի կանոններու ստեղծումը, դրամատնային թափանցիկ համակարգը դրական կ'ազդեն ներդրողներու ծրագրերուն վրայ, Առեւտուրի եւ զարգացման սեւծովեան դրամատան նախագահ Տմիթրի Փանքինի խօսքերը մեջբերած է «Կազեթա»-ն: Փանքինը նաեւ կը կ'անխատեսէ, որ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման վրայ պետական ծախսերու մասնաբաժինը պիւտճէին մէջ Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) 2,8 տոկոսէն մինչեւ 5 տոկոս մեծցնելու մտադրութիւնը դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ երկրի տնտեսութեան զարգացման վրայ:

Ի՞նչը նպաստած է «հայկական տնտեսական հրաշքին», եթէ տպաւորիչ յաջողութիւն ոչ արդիւնաբերութեան, ոչ ալ առեւտուրի ոլորտին մէջ չէ արձանագրուած, իսկ շինարարութեան ոլորտին մէջ աճը նոյնիսկ դանդաղած է մինչեւ 4,5 տոկոս, ուժանիւթի ոլորտին մէջ` մինչեւ 2,7 տոկոս, գրած է յօդուածի հեղինակը եւ շարունակած, որ առաջընթացն ապահոված է իշխանութիւններու եւ հասարակութեան՝ տնտեսութիւնը թափանցիկ դարձնելու ցանկութիւնը:

Ռուսական պարբերականը յիշեցուցած է, որ 2018-ին Հայաստանը քաղաքական ճգնաժամ ապրած է: Նոր խորհրդարանը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստեղծած են Քորուփցիայի կանխարգելման յանձնաժողով եւ կազմակերպած են իրական վերահսկողութիւն պաշտօնեաներու եկամուտներու եւ ծախսերու նկատմամբ:

346 քորուփցիոն գործերու բացայայտման շնորհիւ 105 միլիոն տոլար վերադարձուած է պիւտճէ՝ 7 անգամ աւելի, քան վերադարձուած է անցած 11 տարիներու ընթացքին նոյն պատճառներով:

Վկայակոչելով հայկական մամուլը՝ ռուսական պարբերականը գրած է, որ Հայաստանի պիւտճէէն, որ կը կազմէր 3 միլիառ տոլար, կը գողնային մօտ 1 միլիառը, իսկ եւս 900 միլիոն տոլար պիւտճէ չէր հասներ հարկերու տեսքով: Ստուերներէն ստացուած եկամուտներու պատճառով հարկային եկամուտները նախորդ տարի աճած էին 43,6 տոկոսով 2017-ի համեմատ, իսկ 2018-ի համեմատ` 20 տոկոսով:

Յօդուածի հեղինակը համեմատականներ տանելով ԵԱՏՄ եւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ՝ շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացած է 20 տոկոսով, իսկ 18 տարեկանէն վար երեխաներու բժշկական ծառայութիւնները դարձած են անվճար, աւելցնելով, թէ փաստն այն է, որ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը գերազանցած է Վրաստանին եւ նոյնիսկ նաւթով հարուստ Ատրպէյճանին՝ մէկ շունչին հասնող Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) առումով: