Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքի տակ մնալու հարցը պիտի վճռուի այսօր

Այսօր օրուայ երկրորդ կէսին Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) պիտի հրապարակէ իր որոշումը՝ ըստ որուն յայտնի պիտի դառնայ, թէ բարձր դատարանը հակասահմանադրական կը ճանչնա՞յ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումին մէջ նշուած երկու յօդուածները, թէ ոչ։
1 Մարտի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանը ամիսներ առաջ դիմած էր ՍԴ՝ պահանջելով պարզել՝ արդեօ՞ք Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի երկու յօդուածները, որոնք կ'առնչուին խափանման միջոցին եւ քրէական հետապնդման, կրնան կիրառուիլ նախագահի նկատմամբ: Քոչարեանի պաշտպանական խումբը, ըստ էութեան, կը պնդէ՝ անձեռնմխելիութիւն ունեցող նախագահը իր լիազօրութիւններէն բխող գործողութիւններու համար չի կրնար քրէական հետապնդման ենթարկուիլ, աւելին՝ կալանաւորուիլ։