Ռոպերթ Քոչարեանը ազատութեան մէջ է. դատարանի կողմէն սահմանուած գրաւը վճարուած է

2020-06-20
Image

Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակելու համար 2 միլիառ դրամի չափով սահմանուած գրաւը վճարուած է։ Այժմ ան ազատութեան մէջ է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Քոչարեանի պաշտպանական խումբը։

«19 Յունիսին աշխատանքային օրուան աւարտին գումարը փոխանցուած է Վերաքննիչ քրէական դատարանի հաշիւին։ Օրէնքով սահմանուած եւ բժշկական համապատասխան գործընթացներէն ետք Ռոպերթ Քոչարեանը «Իզմիրլեան» ԲԿ-էն վերադարձած է տուն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք՝ Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի նախագահութեամբ, 18 յունիսին որոշում կայացուցած էր մասնակի բաւարարել Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու բողոքը եւ անոր ազատ արձակել 2 միլիառ դրամ գրաւի դիմաց: