ՌԱԿ-ի երիտասարդ անդամ Սեդրակ Պալեան Արարատի գագաթին ՌԱԿ-ի դրօշը պարզեց

2019-08-27
Image

«Չէի կարծեր, որ այս օրը այսքան շուտ պիտի գար, եւ  այսօր այն  արդէն իրականութիւն  է», -«Ռամկավար Մամուլ»ին պատմեց ՌԱԿի  երիտասարդ անդամներէն (ԵՌԱԿ-ի անդամ), սաղիմահայ Սեդրակ Պալեանը։

Պալեան նաեւ նշեց, որ իր համար Արարատի գագաթը նուաճելը  միշտ ալ երազ եղած է  ու  այսօր այդ երազը  արդէն  իսկ  դարձած  է իրականութիւն։

Ըստ  Պալեանի, Արարատ լերան գագաթը հասնիլը տեւած է 3 օր. Խումբը Երեւանէն դէպի Վրաստան ճամբայ ելած է 18 Օգոստոսին, ուրկէ անցած է Թուրքիա, հասած՝ Կարս, ետքը՝ Տոկի Պայազէտ, ուր  գիշերելէ ետք, յաջորդ արեւծագին խումբը սկսած է բարձրանալ  դէպի պիպլիական լեռը։  Անոնք առաջին օրը կտրած են 3200 մեթր բարձրութիւն եւ գիշերած են առաջին կեդրոնատեղին (base camp)։  Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ Սեդրակն ու իր  ընկերները  շարունակած են վերելքը եւ կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ի  կողմերը հասած են լերան 4200  բարձրութիւնը, այնտեղ գիշերած, եւ երրորդ օրը, առաւօտ կանուխ ժամը 1:00-էն սկսած են բարձրանալ ու հզօր լերան գագաթը  նուաճած են առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

«Երբ վերջին 100 մեթրը մնացած էր գագաթ հասնելու, ուսապարկէս հանեցի ՌԱԿ-ի դրօշը եւ ուսիս դնելով ու յաւելեալ ուժ ստանալով շարունակեցի իմ ճամբաս: Ասկէ առաջ Արարատի գագաթին ՌԱԿ-ի դրօշ չէր պարզուած, հետեւաբար մեծ պատիւ էր ինծի համար բոլոր ընկերներուս ուխտը կատարելը»,- ըսաւ Սեդրակ Պալեանը:

 

 

Ան նշեց, թէ բարձրացնելով ՌԱԿ-ի դրօշակը Արարատի գագաթին, յարգանքի տուրք մատուցած է կուսակցութեան բոլոր վախճանեալ երախտաւոր ընկերներուն  համար։

«Դիւրին չէր նուաճել Արարատի գագաթը, բայց հազիւ գագաթը հասայ, ամբողջ յոգնութիւնս մոռցայ: Շատ յուզումնալից պահ էր, չկրցայ զսպել յուզմունքս»,- ըսաւ Պալեան:

Նշենք, որ Արարատ բարձրացող խումբին մաս կազմած է նաեւ Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի Հայ Երիտասարդաց Միութեան անդամ Յակոբ Յակոբեանը, որ  Սեդրակ  Պալեանի հետ միասին,  ՌԱԿ-ի դրօշի կողքին ծածանած եռագոյնն ու  ու   ՀԵՄ-ի դրօշը։