Պէտք է աշխուժացնել ջանքերը՝ վերջ դնելու Արցախի մէջ արհեստականօրէն ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին. Քոնկրէսական ննա Էշու

2023-02-14
Image

Միացեալ Նահանգները պէտք է զօրացնէ ջանքերը՝ վերջ դնելու արհեստականօրէն ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Աննա Էշուն։

«Արդէն երրորդ ամիսն է, որ կը շարունակուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դաժան շրջափակումը: Միացեալ Նահանգները պէտք է աշխուժացնէ ջանքերը՝ արհեստականօրէն ստեղծուած այս մարդասիրական ճգնաժամին վերջ դնելու համար», - Twitter-ի իր էջին գրած է Էշուն։

Քոնկրէսականը նաեւ նշած է, որ հպարտ է ըլլալ Արցախի շրջափակումը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւի համահեղինակը, որ կը դատապարտէ անմարդկային շրջափակումը եւ կոչ կ'ընէ Պայտընի վարչակազմին պատասխանատւութեան ենթարկելու Ալիեւի ռեժիմը՝ պատժամիջոցներ կիրառելով Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու վրայ, եւ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին։