Պարէտը սահմանած է երկիրներու նոր ցանկ, որոնց քաղաքացիներուն կ'արգիլուի մուտք գործել Հայաստան

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու նպատակով յայտարարուած արտակարգ դրութեան պարէտի որոշմամբ սահմանուած է համաճարակաբանական լարուած իրավիճակ ունեցող երկիրներու (տարածքներու) ցանկը:
ՀՀ-ի մէջ արտակարգ դրութիւն սահմանելու մասին Կառավարութեան որոշմամբ ամրագրուած է, որ կ'արգիլուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող այն անձանց մուտքը ՀՀ տարածք, որոնք ՀՀ տարածք մուտք կը գործեն պարէտի որոշմամբ սահմանուած համաճարակաբանական լարուած իրավիճակ ունեցող երկիրներու տարածքներու ցանկին մէջ ներառուած երկիրներէն կամ մուտք գործելու նախորդող 14 օրուան ընթացքին գտնուած են այդ երկիրներու մէջ, բացառութիւն կը կազմեն այդ կանոնէն՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հիւպատոսական հիմնարկներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններիու ներկայացուցիչները եւ անոնց ընտանիքներու անդամները
Որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ 2020 թ. 23 մարտէն՝ ժամը 23:59-էն:
ՑԱՆԿ
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
- Աւստրալիոյ Միութիւն
- Եւրոպական միութեան անդամ պետութիւններ (Աւստրիա, Պելճիքա, Պուլկարիա, Գերմանիա, Դանիա, Էսթոնիա, Իրլանտա, Սպանիա, Իտալիա, Լաթվիա, Լեհաստան, Լիթվա, Լիւքսըմպըրկ, Քորուաթիա, Կիպրոս, Յունաստան, Հունկարիա, Մալթա, Հոլանտա, Շուէտ, Չեխիա, Փորթուկալ, Ռումինիա, Սլովաքիա, Սլովենիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա)
- Թուրքիոյ Հանրապետութիւն
- Իսրայէլի Պետութիւն
- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն
- Գանատա
- Քորէայի Հանրապետութիւն
- Ճափոն
- Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիոյ Միացեալ Թագաւորութիւն
- Նորվեկիոյ Թագաւորութիւն
- Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն
- Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն
- Ռուսաստանի Դաշնութիւն
- Վրաստան