Պաշտօնանկութիւններ ՊԲ-ի մէջ. Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է շարք մը հրամանագրեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է շարք մը հրամանագրեր:
Գլխաւոր զօրաբաժնի Զօրավար Միքայէլ Արզումանեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնէն:
Գնդապետ Ստեփան Գէորգեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի բարոյահոգեբանական ապահովման գծով տեղակալի պաշտօնէն: