Որո՞նք ընտրուած են Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներ

Նախորդ տարեվերջէն ի վեր, սկսած է Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի ստեղծման գործընթացը: Արդէն յայտնի են խորհրդարանական խմբակցութիւններու կողմէ ներկայացուած անդամներու, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ ընտրուած իրաւաբան-գիտնականներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու անունները:
Արդարադատութեան նախարարութիւնը 29 Յունուարին հրապարակած է Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներու թեկնածուներու ընտրութեան արդիւնքները: Ընտրուած իրաւաբան-գիտնականներն են՝ Անահիտ Մանասեան, Արթուր Ղամպարեան, Արմէն Մազմանեան, Արսէն Թաւատեան, Լեւոն Գէորգեան եւ Տիգրան Մարկոսեան, Հասարակական Կազմակերպութեան (ՀԿ) ներկայացուցիչներէն՝ «Իրաւաբաններու հայկական ասոցիացիայի» ներկայացուցիչ Կարէն Զատոյեանը եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեանը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընտրուած անդամներու կենսագրական տուեալները:
Անահիտ Մանասեան.- իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ:
Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը եւ Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը: 2014-էն ի վեր կը դասախօսէ Արդարադատութեան ակադեմիայի մէջ, իսկ 2019 թուականի Յունուարէն ակադեմիայի տնօրէնն է: 2013-2014 թուականին Անահիտ Մանասեան գրաւած է ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահի խորհրդականի պաշտօնը, այնուհետեւ 2014-2016 թուականին եղած է ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահի աւագ խորհրդական, իսկ 2016 -ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 2018 թուական, ՀՀ Սահմանադրական դատարանի խորհրդական: 2017-ի Դեկտեմբերէն մինչեւ այսօր Մանասեանը «Սահմանադրական արդարադատութիւն» միջազգային գիտական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրն է:
Արթուր Ղամպարեան.- իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսըր: Ունի 25 մենագրութիւն, ուսումնական ձեռնարկ, 130-էն աւելի գիտական յօդուած: Աւարտած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ Հայ-ռուսական համալսարանը: Դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ, Հայ-ռուսական համալսարան, Պետական կառավարման ակադեմիա: 2005-2013 թուականին, եղած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան գիտաուսումնական կեդրոնի (Դատախազութեան դպրոց) գիտաշխատող, այնուհետեւ ՀՀ դատախազութեան դպրոցի դատախազներու վերապատրաստող: Մասնակցած է նաեւ ՀՀ Նախագահի կարգադրութեամբ ստեղծուած քրէական դատավարութեան նոր օրէնսգիրքի նախագծի պատրաստման աշխատանքային խումբի աշխատանքներուն: 2014-2019 -ին Արթուր Ղամպարեանը գրաւած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալի պաշտօնը:
Արմէն Մազմանեան.- Իրաւագիտութեան տոքթոր, փրոֆեսըր, սահմանադրագէտ: Աւարտած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարան, Իլինոյսի համալսարան, Եւրոպական համալսարանական հիմնարկը: Ան աշխատած է, որպէս դասախօս Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, Հարուըրտի համալսարան, եւ Քոլումպիայի համալսարանի իրաւագիտութեան դպրոց։ Այժմ Արմէն Մազմանեան փրոֆեսըր է Դիւքի համալսարանի Հանրային քաղաքականութեան դպրոցը։
Արսէն Թաւատեան.- իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, փաստաբան: Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանը: 2013 թուականին աշխատած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժնի Քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնէն ներս, որպէս դասախօս: 2009-էն մինչեւ այսօր Արսէն Թաւատեան «Տէր-Տաճատեան» իրաւաբանական եւ պիզնես խորհրդատուական (ՓԲԸ) Փակ բաժնետիրական ընկերութեան իրաւախորհրդատուներէն մէկն է:
Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի անդամ ընտրուած իրաւաբան-գիտնականներէն՝ Լեւոն Գէորգեան եւս փաստաբան է, ունի մագիստրոսի աստիճան: Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ Ամերիկեան համալսարանի Ուաշինքթոնի իրաւաբանական քոլէճը: «Էրնըսթ ընտ Եանկ» Փակ բաժնետիրական ընկերութեան (ՓԲԸ) իրաւաբանական ծառայութիւններու ղեկավարն է:
Տիգրան Մարկոսեան.- իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու: Աւարտած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ այժմ կը դասաւանդէ այնտեղ: 2018-2019 թուականին եղած է ՀՀ փաստաբաններու պալատի որակաւորման յանձնաժողովի անդամ, իսկ 2019-ի Յունիսէն անդամ է ՀՀ տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովին: 2016-ին մասնակցած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան ձեւաւորած ՀՀ 2017-2020 թուականներու դատաիրաւական բարեփոխումներու ռազմավարական ծրագիրը մշակող աշխատանքային խումբի աշխատանքներուն:
Որպէս հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած է «Իրաւաբաններու հայկական ասոցիացիա» ՀասարակականԿազմակերպութեան նախագահ՝ Կարէն Զատոյեանը: Անոր աշխատանքային փորձը կը ներառէ հանրային եւ (ՔՀԿ) քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու կառավարման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, հակափտածութեան եւ մասնագիտական ոլորտները: Կարէն Զատոյեան Iravaban.net անկախ մասնագիտացած լրատուամիջոցի ստեղծման գաղափարի հեղինակն ու հիմնադիրն է: 2016-էն ի վեր Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Կառուցողական երկխօսութեան յանձնառութիւն» ծրագրի ղեկավարն է: Ան աւարտած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, անդամ է Հայաստանի փաստաբաններու պալատին:
«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը 2011 թուականին աւարտած է (ԵՊՀ) Երեւանի Պետական Համալսարանի ֆիզիքայի Ճիւղը: 2010-2011 թուականներուն եղած է 4-րդ գումարման (ԱԺ) Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Լարիսա Ալաւերտեանի օգնականը: 2014 -ին ան հիմնած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» Հասարակական Կազմակերպութիւնը: 2018-ին Դանիէլ Իոաննիսեանը վարչապետին առընթեր ընտրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի քարտուղարն էր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նաեւ Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողով ընդգրկուելու նպատակով, յայտ ներկայացուցած իրաւաբան-գիտնականներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ցանկը, որոնք չեն ընտրուած.
Իրաւաբան-գիտնականներ՝ Տիգրան Նահապետեան, Լիպարիթ Տրմէեան, Գուրգէն Սիմոնեան, Արմէն Եզեկեան, Արման Սարվարեան, Սերկէյ Մեղրեան, Արտեոմ Գեղամեան, Յարութիւն Մանուկեան, Վիգէն Քոչարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Դաւիթ Խաչատուրեան, Արփինէ Յովհաննիսեան, Պաւել Թադէոսեան, Թամարա Շաքարեան, Պարգեւ Օհանեան, Հայկանոյշ Պարսամեան:
Հասարակական Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ Պարոյր Հայրիկեան («Դէպի բացարձակ ժողովրդավարութիւն»), Նորայր Յակոբեան («Վստահութիւն եւ համագործակցութիւն»), Հայարփի Սարգսեան («Վարորդի ընկեր»), Արթուր Սաքունց («Հելսինքեան քաղաքացիական ասամպլէայի Վանաձորի գրասենեակ»), Արտաշէս Խալաթեան («Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական ինսթիթութ»), Գէորգ Մանուկեան («Հայկական սահմանադրական իրաւապաշտպան կեդրոն»), Տիգրան Եկորեան («Իրաւունքի Եւրոպա իրաւապաշտպան»), Արմէն Եսոյեան («Հարկ վճարողներու եւ գործատուներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն»), Անուշաւան Նիկողոսեան («Դու մենակ չես» հակափտածութեան իրաւապաշտպան (ՀԿ) ՀասարակականԿազմակերպութիւն):
Ըստ վարչապետի որոշման, Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովը կազմուած պիտի ըլլայ 15 հիմնական անդամէ, ի պաշտօնէ պիտի ընդգրկուին արդարադատութեան նախարարը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, նաեւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովը 1 անդամ պէտք է ներկայացնէ: Կազմը կը բաղկանայ 6 իրաւաբան գիտնականներէ, հասարակական կազմակերպութիւններու 2 ներկայացուցիչներէ, մէկական ներկայացուցիչ ալ՝ խորհրդարանական իւրաքանչիւր խմբակցութենէ:
«Իմ քայլը» խմբակցութեան ներկայացուցիչը յանձնաժողովին մէջ, Ազգային Ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահ՝ Վլատիմիր Վարդանեանն է, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէ՝ Գէորգ Պետրոսեանը, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»է՝ Տարօն Սիմոնեանը: