Ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը հրաժարական տուաւ

2019-09-18
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը աշխատանքէն ազատելու առաջարկ ներկայացուցած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգստանին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի աշխատակազմը:

Ենթադրաբար, ՀՀ նախագահը այսօր պիտի ստորագրէ հրամանագիրը:

Հրամանագիրը այսօր պիտի հրապարակուի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, որ Օսիպեանը պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: