Ոստիկանական ջոկատ մը հերթապահութիւն կատարելու նպատակով Արցախ մեկնեցաւ

ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու հերթական մարտական հերթափոխը օրերս մեկնած է սահման: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութենէն:
Անոնց դիրքեր ճանապարհած է ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան զօրավար Վալերի Օսիպեանը։
«Դուք մերօրեայ հերոսներն էք: Մենք ու ողջ ազգը կը հպարտանայ ձեզմով, որ մեր զինուորներուն հետ թեւ ու թիկունք եղած կը պահպանէք պետական սահմանը: Բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն»,- սահմանապահներուն ըսած է Վալերի Օսիպեանը:
Ոստիկանութեան պետի ելոյթէն ետք ոստիկանները աղօթած են եւ երդուած անձնուիրաբար պահել պետական սահմանի մարտական դիրքը։
Ճանապարհման հանդիսաւոր արարողութիւնը աւարտած է հանդիսաւոր երթով:
Յաջորդ օրը, դիրքերէն վերադարձած են մարտական հերթապահութիւնը ծառայակից ընկերներուն յանձնած ոստիկանները։ Վալերի Օսիպեանը անոնց շնորհակալութիւն յայտնած է անձնուիրաբար ծառայութեան համար:
Սահմանէն վերադարձած ոստիկանները քանի մը օր պիտի հանգստանան, որմէ ետք պիտի անցնին հասարակական կարգի պահպանութեան: