Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ

Տաւուշի մարզի Ոսկեւան համայնքի մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորում ստացած երեխայի վիճակը կայուն է, գանգատներ չունի, կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին ֆեյսպուքեան էջին գրած է ԲԿ–ի մամուլի քարտուղար Գէորգ Դերձեանը։
«Կը գտնուիմ «Սուրբ Աստուածամայր» ԲԿ-ի վերակենդանացման բաժանմունք: Երկրորդ վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն բժիշկներն այս պահուն չեն տեսներ:
Երեխան հակաակորդի կողմէ հրազէնային վնասուածք ստացած էր կրծքավանդակի շրջանին, իրականացուած էր անհրաժեշտ առաջին բուժօգնութիւնը։ Նոյեմբերեանի բուժկեդրոնին մէջ կատարուած էր վիրահատութիւն»,-նշած է ան:
Նշենք, որ երէկ, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախի տակ յայտնուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. Վիրաւորուած է Ոսկեւան գիւղի բնակիչ երեխայ մը: