Շուշան Ստեփանեան նշանակուեցաւ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրամանով Շուշան Ստեփանեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Շուշան Շահենի Ստեփանեան Զինուորական կոչումը՝ մայոր (1988-ի ծնունդ), ծնած է Հադրութի մէջ, 2019 թ-էն կը ծառայէ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ:
2009-ին ճանչցուած է European Journalism Centre-ի կողմէ կազմակերպուած հետաքննական լրագրութեան ուսումնական մրցոյթի յաղթող եւ վերապատրաստուած է Հոլանտայի մէջ:
Պարգեւատրուած է «ՀՀ ԶՈւ 20 տարի» , «Ծ.Հ.Ս. Իսակով», «Անբասիր ծառայութեան համար» 1-ին աստիճանի, «Մարշալ Բաղրամեան» մետալներով, պատուոգրերով:
Հայրը` Շահէն Ստեփանեանը, ղարաբաղեան պատերազմի աշխոյժ մասնակից է, յետմահու պարգեւատրուած է Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով: