Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր ընտանիքի անդամները ապաքինուած են «Քորոնա» ժահրէն

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր ընտանիքի անդամները ապաքինուած են «Քորոնա» ժահրէ։ Վարչապետը պիտի վերադառնայ լիարժէք աշխատանքի:Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է Փաշինեան։
«Սիրելի հայրենակիցներ, հիմա նոր ստացանք մեր ընտանիքի անդամներուն կրկնակի քննութեան պատասխանները: Բոլորիս պատասխանը բացասական է: Բացասական պատասխաններ ստացած էինք նաեւ երէկ:
Ի հարկէ, մեր վարակուելու ժամկէտները եւ հանգամանքները պէտք է որոշակիօրէն վերանայինք: Բայց այս պահուն կարեւոր է, որ մենք բոլորս առողջ ենք եւ ունինք դիմադրողականութիւն: Շնորհակալ եմ այս ընթացքին մեզի ուղղուած բոլոր բարեմաղթանքներուն համար:
Ես կը վերադառնամ լիարժէք աշխատանքի»,- գրած է վարչապետը: