Նիկոլ Փաշինեանն Արցախի Շահումեանի շրջանին ներկայ գտնուած է սպաներու բնակարանամուտի արարողութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայկական բանակի 28-րդ տարեդարձի օրը, այցելած է Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջան։ Վարչապետն Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Կարէն Աբրահամեանի, ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանի հետ ներկայ գտնուած է ծառայողական նոր բնակարաններու յանձնման արարողութեան։
32 սպաներու բնակարաններու բանալիները անոնց յանձնած է Դաւիթ Տօնոյեանը։
Վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Սահակեանը շրջած են բնակարաններով, ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն։ Վարչապետը շնորհաւորած է բնակարանամուտ տօնած սպաները եւ անոնց ընտանիքները՝ մաղթելով բարեկեցութիւն եւ առողջութիւն։ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, ոը Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել զինծառայողներու եւ սպայական անձնակազմի ընկերա-կենցաղային խնդիրները եւ քայլեր ձեռնարկել անոնց լուծման նպատակով։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Յունուար 28-ին այցելած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի՝ հիւսիս-արեւմտեան հատուածը տեղակայուած զօրամասերէն մէկը եւ մասնակցած նորակառոյց սպայական բնակելի շէնքի շահագործման յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահը շնորհաւորած է զինծառայողները Հայրենեաց պաշտպանի օրուան եւ բնակարանամուտի կապակցութեամբ՝ մաղթելով անոնց անփորձանք ծառայութիւն եւ ամենայն բարիք:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեանը ներկայ գտնուած է հանրապետութեան հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ նորակառոյց զինանոցի բացման: