Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Պաքու

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Դեկտեմբերի 4-7-ը հայկական եւս մէկ պատուիրակութիւն պիտի մեկնի Պաքու: Վերջին 20 օրերու ընթացքին սա հայերէ բաղկացած երկրորդ խումբն է, որ կը մեկնի Ատրպէյճան:
Այդ օրերուն Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա միջազգային երթեւեկի միջանցքի (ԹՐԱՍԵՔԱ) Միջկառավարական յանձնաժողովի 14-րդ նստաշրջանը, ինչպէս նաեւ կառոյցի 20-ամեակին նուիրուած ժողովը:
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Արմէն Սիմոնեանը, նոյն նախարարութեան ինքնաշարժ մեքենաներու երթեւեկի քաղաքականութեան վարչութեան բաժնի պետ Արման Կարապետեանը եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ քաղաքականութեան ու զարգացման համագործակցութեան վարչութեան խորհրդական Արտեմ Ազնաուրեանը:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 17-21-ը տեղի ունեցած էր հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու խումբերու փոխադարձ այց. Հայաստանի եւ Արցախի զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներն այցելած էին Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական ԶԼՄ ներկայացուցիչները՝ Հայաստան եւ Արցախ:
Աւելի վաղ՝ 2017-ի Սեպտեմբեր 22-ին, Ատրպէյճան այցելած էին ԱԺ այն ժամանակ դեռ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանն ու գործող պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանը։ Բաքուի մէջ անոնք մասնակցած էին «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին:
Ատրպէյճանը հայերու նկատմամբ խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ՝ խոչընդոտելով անոնց մուտքն Ատրպէյճան: Նոյնիսկ այլ երկրի քաղաքացի հանդիսացող, բայց ազգութեամբ հայերը Ատրպէյճան այցելելու ժամանակ խոչընդոտներու կը հանդիպին: