Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին

2019-09-07
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 6 սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացաանեանը, անդրադառնալով վարչապետի ԱՄՆ կատարելիք այցին:

«ՀՀ վարչապետը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիա նահանգ, եւ այնտեղ ունի օրակարգ: Պիտի ըլլայ Նիւ Եորք եւ մասնակցի ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացման: Մենք շատ հետեւողականօրէն կ'օգտագործենք ՄԱԿ-ի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը առաջ տանելու համար: Վարչապետը ելոյթ պիտի ունենայ նստաշրջանի ժամանակ: Պիտի ըլլան երկկողմ հանդիպումներ, տարբեր այլ միջոցառումներ եւ ելոյթներ»,- ըսած է Մնացականեանը: