Նախնական տուեալներով Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուած է Դաւիթ Սարգսեանը

2019-09-09
Image

Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուած է Դաւիթ Սարգսեանը:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովինախնական տուեալներով Դաւիթ Սարգսեանը հաւաքած է 7787 ձայն:

Արեգ Աւագեանը հաւաքած է 3125 ձայն, Արայիկ Աւանեսեանը՝ 2108 ձայն, Արմէն Յակոբեանը ստացած է 3059 ձայն, իսկ Գրիգորի Սահակեանը՝ 4765:

Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով Ստեփանակերտի քաղաքապետի ընտրութիւններուն մասնակցած է 21 603 մարդ, անվաւեր համարուած է 807 քուէաթերթիկ: