Նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանը սպաննուած գտնուած է իր ամառանոցին մէջ. News.am

Իր առաձնատան մէջ յայտնաբերուած է Մարտ մէկին ոստիկաններու գործողութիւնները համակարգած ՀՀ նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի դին։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ NEWS.am-ը, որ նաեւ կը նշէ, թէ նախկին ոստիկանապետի գլխու շրջանին նկատուած է հրազէնային վիրաւորում։
Դէպքը տեղի ունեցած է 22 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 23:50-ին, Յարութիւնեանի Բջնիի ամառանոցէն ներս։
Կը կատարուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։