Նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը կանչուած է ՅՔԾ

2019-09-27
Image

ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը Մարտ 1-ի գործով կանչուած է ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն: Այս մասին SHANTNEWS.am-ին տեղեկացուցած է ՅՔԾ մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը՝ նշելով, որ Գէորգ Կոստանեանը իրենց տեղեկացուցած է՝ արտերկրի մէջ է, ըսած է, որ պիտի վերադառնայ 15-20 օրուայ ընթացքին:

Այլ մանրամասներ ՅՔԾ-ն չի հաղորդեր: