Նախարար Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի մէջ գրանցուած արկածին առթիւ

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանն իր թուիթըրեան էջին ցաւակցութիւն յայտնած է այսօր Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային աղէտի կապակցութեամբ․
«Վշտալի նորութիւններ՝ Թեհրանէն Քիեւ ուղեւորուող «Ուքրանական միջազգային օդագնացութեան» Boeing 737 օդանաւի կործանման վերաբերեալ։ Խորին վշտակցութիւն զոհերու ընտանիքներուն եւ ընկերներուն»։