Նախարար. «Քորոնա» ժահրէն բուժաշխատող մահացած է

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ բուժաշխատող մահացած է «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով: Այս մասին Թորոսեանը ըսած է 23 յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Արդէն մէկ զոհ ունինք բժշկական անձնակազմէն, նաեւ ատոր համար կը շեշտենք, որ բժշկական անձնակազմի պաշտպանութիւնը շատ կարեւոր է»,- ըսած է Թորոսեանը:
Անոր խօսքով՝ վարակի դէմ կը պայքարին 4000 բուժաշխատողներ:
««Քորոնա» ժահրէն բուժաշխատողի մահուան ցաւալի փաստը եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ անոնց անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը»,-նշած է ան: