Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին

2020-01-27
Image

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Հայաստանի նախագահն իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահին, կառավարութեանն՝ այն ամէն ինչի համար, որ անոնք կ'ընեն հայ եկեղեցւոյ համար, կը հաղորդէ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:

Ան նշած է, որ Սուրբ Ծննդեան տաճարի՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ տնօրինուող հատուածը ոչ միայն պատմութեան, քրիստոնէութեան մաս է, այլ նաեւ Հայաստանի մաս, հայ մշակոյթի, ժառանգութեան մաս, եւ ամենակարեւորը՝ հայ եկեղեցւոյ մասն է:

«Շնորհակալ ենք հայկական հոգեւոր-պատմական ժառանգութեան, քրիստոնէական արժէքներու պահպանման ձեր աջակցութեան համար»,- ըսած է Արմէն Սարգսեանը: