Նախագահը ստորագրեց իր լիազօրութիւնները սահմանափակող օրէնքը, սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն ԱԺ նախագահի հրապարակումէն ետք

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը 24 յունիսին ստորագրած է «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին, «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքներու փաթեթը։
Այդ կ'ենթադրէ, որ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած Սահմանադրական փոփոխութիւններն այլեւս պիտի չուղարկուի նախագահի ստորագրման:
«Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը՝ անդրադառնալով երկրորդ ընթերցմամբ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին, ըսած էր, որ կ'առաջարկուի «ԱԺ կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 86-րդ յօդուածի 7-րդ մասէն հանել «կ'ուղարկուի Հանրապետութեան նախագահին, որ ստանալէն ետք 21-օրեայ ժամկէտի մէջ կը ստորագրէ այն» բառերը։
Այժմ ԱԺ նախագահը Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը պէտք է հրապարակէ 7-օրեայ ժամկէտի մէջ:
Ըստ փոփոխութիւններու՝ 12 տարիէ աւելի պաշտօնավարած ՍԴ դատաւորներու լիազօրութիւնները պիտի դադարեցուին, Հրայր Թովմասեանը պիտի լքէ պաշտօնը, պիտի շարունակէ պաշտօնավարել որպէս դատաւոր։