Յայտնի է, թէ երբ պիտի կայացուի Սահմանադրական hանրաքուէն

2020-02-07
Image

Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն պիտի կայացուի մարտի վերջը կամ մինչեւ 5 ապրիլը: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը:

Ան նշած է, որ օրը վերջնական պիտի հաստատուի, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրէ փաստաթուղթը:

SHANTNEWS-ի թղթակիցի հարցին՝ կա՞յ արդեօք վստահութիւն, որ նախագահը կը ստորագրէ փաստաթուղթը, Մակունցը պատասխանած է․

«Այո՛, կայ այդ վստահութիւնը»:

Լիլիթ Մակունցը պատասխանած է նաեւ լրագրողներու այլ հարցերուն: